Միջազգային մարզական մամուլին համաձայն, փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, շատ հաւանական է, որ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Միացեալ Նահանգներու մէջ` նկատի ունենալով, որ առաջարկ ստացած է «Մէյճըր Լիկ»-ի երկու խումբէ:
Նշուեցաւ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի յառաջապահով հետաքրքրուած են Ինթեր Մայեմի եւ Լոս Անճելըս Կալաքսի:
Նշենք, որ Ինթեր Մայեմիի սեփականատէրն է Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստ Տէյվիտ Պեքհամ:
37 տարեկան Ռոնալտոյի պայմանագրութիւնը Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2023:


