Սպանիոյ Փոնթեվետրա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ազատ ոճի ըմբշամարտի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Վազգէն Թեւանեան ապահովեց աւարտականի իր տոմսը:
Աշխարհի բաժակակիրը, 65 քկ դասակարգի կիսաւարտականի մրցումին, 7-6 արդիւնքով յաղթեց իր ղազախ մրցակիցին` Ատլան Ասքարովին:
Աւարտականին, Թեւանեան պիտի մրցի թուրք Համզա Ալաճանի դէմ:
Հայաստանի այլ ներկայացուցիչներ իրենց արձանագրած ոչ համոզիչ արդիւնքներուն շնորհիւ մրցանակային դիրքեր գրաւելու իրենց յոյսերը կորսնցուցին:


