Ալպանիոյ մէջ շարունակուող Եւրոպայի 20 տարեկանէն վար ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Սուրէն Գրիգորեան Հայաստանի համար ապահովեց երրորդ ոսկի մետալը:
89 քկ դասակարգին մէջ,Գրիգորեան երկրամարտի մրցումներուն արձանագրեց 340 քկ արդիւնք մը:
Նոյն դասակարգին մէջ, Հայաստանի երկրորդ ներկայացուցիչը` Գէորգ Ղահրամանեան գրաւեց հինգերորդ դիրքը` արձանագրելով 325 քկ արդիւնք մը` երկամարտի մրցումներուն:
Աղջկանց 76 քկ դասակարգին մէջ, իր կարգին Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացաւ Միլենա Խաչատրեան, որ երկամարտի մրցումներուն արձանագրեց 219 քկ արդիւնք մը:
Ան յաջողեցաւ 4 քիլոկրամով գերազանցել իր թուրք մրցակիցը, որ հանդիսացաւ երկրորդ:


