Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, երէկ ՀՄԸՄ Պէյրութ կատարեց տարեշրջանի իր առաջին մրցումը` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, երբ պէյրութեան տերպիի մրցումին հիւրընկալեց Ռիատի Պէյրութը:
Մրցումը վերջ գտաւ հիւր կազմին յաղթանակով` 113-85 արդիւնքով (23-29, 26-33, 23-26 եւ 13-25), ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ ՀՄԸՄ կրէ տարեշրջանի իր երրորդ պարտութիւնը:
ՀՄԸՄ-էն 25 կէտ նշանակեց Ճեսսի Ճոնզ, մինչ Ճերըտ Տուայն` 15 կէտ, ապա` խմբապետ Տանիել Պաղտատեան (13 կէտ):
Ռիատիէն Մայքըլ Քուալզ նշանակեց 26 կէտ, մինչ 17-ական կէտ նշանակեցին Հայկ Կէօքճեան եւ Ալի Մանսուր:
Նշենք, որ երէկ յետմիջօրէին Ռիատիի տոմարներուն վրայ ստորագրեց ակումբի նախկին մարզիկ Ուաէլ Արաքժի:
Յետաձգուած այլ մրցումի մը ընթացքին (դարձեալ Բ. հանգրուանէն), Պէյրութ 96-56 արդիւնքով յաղթեց Լիտըրզին: