Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Վարազդատ Հարոյեան նախորդ շաբաթավերջին նշանակեց իր առաջին կոլը` Անորթոսիսի հետ:
Կիպրոսի ֆութպոլի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Անորթոսիս, որ հիւրընկալեց Տոքսա Քաթոքոփիան, արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Հարոյեան, որ 58-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին երկրորդ կոլը, մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Անորթոսիս այժմ 11 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 7-րդ դիրքը` 9 կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Փաֆոսէն:


