Ալպանիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 20 տարեկանէն վար ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան, Եւրոպայի մեծահասակներու պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի երիտասարդական ախոյեան Լիանա Գիւրջեան (81 քկ), նախորդ շաբաթավերջին երրորդ անգամ ըլլալով (նախապէս` 2019-ին եւ 2021-ին) տիրացաւ Եւրոպայի 20 տարեկանէն վար ախոյեանութեան ոսկի մետալին:
Ան երկամարտի մրցումներուն արձանագրեց 223 քկ արդիւնք մը (98+125):
Նոյն դասակարգի մրցումներուն, Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Էմմա Պօղոսեան, անոր ետին հանդիսացաւ փոխախոյեան` արձանագրելով 215 քկ արդիւնք մը (94+121):
23 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, Արա Աղայեան Հայաստանի համար ապահովեց ոսկի մետալ մը, երբ 96 քկ դասակարգի երկամարտի մրցումներուն արձանագրեց 363 քկ արդիւնք մը (168 եւ 195 քկ):
20 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Հայաստանի համար արծաթ մետալ մը ապահովեց Պետրոս Պետրոսեան, որ 102 քկ դասակարգի երկամարտի մրցումներուն բարձրացուց 360 քկ:
Իսկ աղջկանց 20 տարեկանէն վար մրցումներուն, Մերի Թումասեան տիրացաւ պրոնզ մետալին` երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 205 քկ արդիւնք մը:
Իր կարգին ոսկի մետալի տիրացաւ Եւրոպայի փոխախոյեան, երիտասարդներու աշխարհի փոխախոյեան Սուրէն Գրիգորեան, որ 20 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն արձանագրեց 340 քկ արդիւնք մը (երկամարտ 89 քկ):