Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Ֆորմիւլա-1-»-ի 2022 տարեշրջանի ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանի կրան փրին` Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Անիկա վերջ գտաւ նետերլանտցի Մաքս Վերսթափենի յաղթանակով, որ արդէն իսկ ապահոված էր ախոյեանութեան տիտղոսը:
Այս կրան փրիին տիրանալով, այսպիսով Վերսթափեն կրկնեց Միքայէլ Շումախըրի եւ Սեպասթիան Վեթթելի մրցանիշը` տարեշրջանի մը ընթացքին իր արձանագրած յաղթանակներուն գծով:
Այժմ երեքն ալ ունին 13-ական յաղթանակ. Շումախըր այդ իրագործումը կատարած էր 2004-ին, իսկ Վեթթել` 2013-ին:
Բայց եւ այնպէս, Վերսթափեն այս ցուցանիշով միանձնեայ յառաջատարը դառնալու կարելիութիւնը ունի` նկատի ունենալով, որ 2022 տարեշրջանի աւարտին ցարդ կայ երեք հանգրուան:
Այս յաղթանակը պատճառ դարձաւ, որ «Ռետ Պուլ» տարեշրջանի աւարտէն երեք հանգրուան առաջ ապահովէ ինքնաշարժներու խմբային ախոյեանութեան տիտղոսը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 656 կէտ եւ անհասանելի դառնալով իր անմիջական մրցակիցին` «Ֆեռարի»-ն, որ ունի 469 կէտ:
Այսպիսով, «Ռետ Պուլ», որ 2013-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կը հանդիսանայ ախոյեան, ընդհանուր առմամբ 5-րդ անգամ ըլլալով է, որ իր պատմութեան մէջ կ՛ապահովէ այս տիտղոսը:
Վերջին ութ տարիներուն ախոյեանն էր «Մերսետես»: