Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 23 հոկտեմբերին կատարուեցան երկու մրցումներ:
Սաժես Պէյրութ, որ Ղազիրի իր դաշտին վրայ իր մեծաթիւ համակիրներուն ներկայութեան հիւրընկալեց Տինամոն, արձանագրեց 78-66 արդիւնքով բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը (21-23, 17-14, 16-16 եւ 24-13):
Սաժեսէն տապըլ-տապըլ իրագործեցին Քլիֆ Ալեքսանտր (25 կէտ, 16 ռիպաունտ) եւ Փաթրիք Պու Ապպուտ (11 կէտ եւ 11 ռիպաունտ), մինչ Տինամոյէն 22 կէտ նշանակեց Զեք Լոֆթըն:
Այսպիսով, Սաժես արձանագրեց իր չորրորդ յաղթանակը, մինչ երեք յաղթանակ արձանագրած Տինամօ կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը:
Այլ մրցումի մը, Անդրանիկ Պէյրութ, որ Ճիւնիի «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ հիւրը եղաւ Նետիմ Սուէյտ Աքատեմիին, անկէ կրեց 85-56 արդիւնքով պարտութիւն մը (14-14, 30-18, 18-15 եւ 23-9):
Յաղթական կազմէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեցին Անթոնի Ֆէյրլի (30 կէտ, 19 ռիպաունտ) եւ Իսիյա Հեմըն (19 կէտ, 11 ռիպաունտ):
Նշենք, որ այս պարտութիւնը Անդրանիկի համար հանդիսացաւ տարեշրջանի երրորդը:
Այսօր` երկուշաբթի, 24 հոկտեմբերին, Ռիատի Պէյրութ յետմիջօրէի ժամը 16:45-ին հիւրը կ՛ըլլայ Շանվիլի, իսկ երեկոյեան ժամը 19:30-ին Լիտըրզ` Հուփսին: