Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ Բ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը, երբ 2-րդ հանգրուանին իր կատարած մրցումին, Սատի դաշտին վրայ, 10-1 արդիւնքով (կիսախաղ` 4-0) ջախջախեց իր մրցակիցը` Թըմնին Թահթա խումբը:
Վերջինս տարեշրջանի իր առաջին մրցումին 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր, մինչ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ` 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: