Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի կրտսերներու ազգային խումբը երէկ աւարտեց իր ելոյթները Ասիոյ պասքեթպոլի կրտսերներու ախոյեանութեան գծով, երբ քառորդ աւարտականին իր կատարած մրցումին 105-79 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց Հարաւային Քորէայէն:
Լիբանանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Քարիմ Զէյնուն` 32 կէտ եւ 15 ռիպաունտ, իսկ անոր խմբակից Սելիմ Ալաէտտին` 19 կէտ: