Նախանցեալ օր «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութսալի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Տինամօ Մինսք իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Վիարէալը (4-րդ հանգրուան):
Մրցումը աւարտեցաւ սպանական կազմին յաղթանակով: Վիարէալ իր յաղթական կոլը նշանակեց մրցումին 86-րդ վայրկեանին, այսպիսով արգելք հանդիսանալով, որ Տինամօ կարենայ յաջորդ հանգրուանին տոմս մը ապահովել:
78-րդ վայրկեանին, երբ մրցումը կ՛ընթանար 1-1 արդիւնքով, Տինամոյի կազմէն դաշտ մուտք գործեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արթուր Եդիգարեան: