ՖԻՏԷ-ին պաշտօնական կայքը կը նշէ, որ Լեւոն Արոնեան պիտի մասնակցի 10-30 մարտ 2016-ին տեղի ունենալիք ճատրակի այն մրցաշարքին, որուն յաղթականը պիտի մրցի Նորվեկիայի Մակնիւս Քարլսընի դէմ` վճռելու համար աշխարհի նոր ախոյեանին անունը:
ArmSport.am լրատուական կայքը հաղորդեց, որ ՖԻՏԷ-ի նախագահ Քիրսան Իլիումժինով 4 նոյեմբերին կը գտնուէր Երեւան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի նախագահ, Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ, որուն հետ քննարկեց շարք մը հարցեր` այդ մրցաշարքին կազմակերպման գծով:
ՖԻՏԷ-ին նախագահը տեղեկացուց, որ մրցաշարքը նախատեսուածին պէս տեղի պիտի ունենայ Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա):
Յաւակնորդներու այս մրցաշարքին կազմակերպիչները պիտի ըլլան ՖԻՏԷ-ն եւ ԱԿՈՆ ընկերութիւնը` աջակցութեամբ Ռուսիոյ ճատրակի ֆետերասիոնին: Մրցաշարքին գործընկերը պիտի ըլլայ «Տաշիր» ընկերութիւնը:
Նկատի ունենալով, որ կազմակերպիչները իրաւունք ունէին առաջադրելու մէկ մասնակից, յայտարարուեցաւ Հայաստանի հզօրագոյն ճատրակ խաղացող Լեւոն Արոնեանի անունը: