Ուրուկուէյի ֆութպոլի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Սերրօ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Տեֆենսոր Սփորթինկը, 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ:
Սերրոյի կազմէն տուպլէի հեղինակ դարձաւ ուրուկուէյահայ յառաջապահ Խոաքին Պօղոսեան (28 տարեկան), որ այսպիսով նշանակեց այս տարեշրջանի իր երրորդ կոլը: