Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 8 նոյեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, Բ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կը կատարէ տարեշրջանի իր երկրորդ մրցումը, երբ դարձեալ Սատի դաշտին վրայ կը մրցի Թըմնին Թահթա խումբին դէմ:
Ինչպէս ծանօթ է, թէեւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 1-1 հաւասարութեամբ սկսաւ տարեշրջանը, բայց բաւական տպաւորիչ մրցում մը կատարեց եւ յաջողեցաւ ինքզինք պարտադրել իր մրցակիցին վրայ:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմէն կ՛ակնկալուի, որ խումբին մարզիկները դարձեալ տպաւորիչ մրցում մը կատարելով արձանագրեն իրենց առաջին յաղթանակը:
Նշենք, որ այս շաբաթավերջին ՀՄԸՄ Պէյրութ մրցում չունի կատարելիք: