Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Ամալ Մաարաքէ

November 7, 2015
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Stadium_110615

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 7 նոյեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Ամալ Մաարաքէն:

ՀՄԸՄ-ի խումբին համար այս մրցումը երրորդը պիտի ըլլայ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ: Սակայն ցարդ ՀՄԸՄ այս մարզադաշտէն կրցած է միայն մէկ կէտ ապահովել` առաւելագոյն վեց կէտէն: Տարեշրջանի երկրորդ կէտը ՀՄԸՄ ապահոված է Սուրի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ:

Առհասարակ, իւրաքանչիւր խումբ, որ իր դաշտին վրայ կը մրցի, ընդհանրապէս լաւ արդիւնք կ՛արձանագրէ իր համակիրներուն ներկայութեան:

Լաւ ներկայացում եւ բացառիկ խաղարկութիւն ունենալը, ներկաները տպաւորելը չէ կարեւորը, այլ` մրցակիցին բերդին մէջ կոլ նշանակելը եւ անկէ երեք կէտ խլելը:

Այս տարեշրջանին այս նպատակը իրագործելու կարիքը կայ, որովհետեւ ՀՄԸՄ-ի համակիրները իրենց կազմէն կ՛ակնկալեն յաղթանակ:

Մրցումին ընթացքին ընդհանրապէս թրիպիւններուն վրայ կը խօսուի, թէ այսինչ խումբը նախորդ տարեշրջանին աւարտին փոխադրուեցաւ Բ. դասակարգ եւ ունի զօրաւոր կազմ, կամ` այնինչ խումբը շատ վտանգաւոր խումբ մըն է եւ անպարտելի, եւ անշուշտ շարքը կարելի է երկարել:

Երբ ՀՄԸՄ ներկայ գտնուի դաշտին վրայ, անոր դիմաց չկայ զօրաւոր խումբ, բոլորն ալ նոյնն են ՀՄԸՄ-ի համար, եւ ՀՄԸՄ կրնայ յաղթել բոլորին:

Այսօր ՀՄԸՄ տարեշրջանի իր երրորդ մրցումը պիտի կատարէ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ:

Բոլորիս ժամադրավայրը պիտի ըլլայ Պուրճ Համուտի դաշտը` քաջալերելու համար մեր տղաքը, ամէն գնով յաղթանակ արձանագրելու եւ բարելաւելու խումբին դիրքը` ընդհանուր դասաւորման մէջ:

Նշենք, որ 4-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, երէկ Մապարրա ճակատեցաւ Ահլի Սայտայի դէմ:

Այս մրցումը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով, այսպիսով Ահլի Սայտա ապահովեց տարեշրջանի իր առաջին կէտը` յաջորդական երեք պարտութենէն ետք:

Նշենք, որ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան բացման ծիրին մէջ եւս, երէկ տեղի ունեցաւ մրցում մը, որուն ընթացքին, շաբթուան գագաթի ճակատումին, Սաֆա ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով այս տարեշրջանին ոչ այդքան լաւ արդիւնք արձանագրող Նըժմէն (9-րդ):

Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը.

Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 4-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ.

ԱՅՍՕՐ                 ԺԱՄ    ԴԱՇՏ
Անսար – Շապապ Ղազիէ 14:15 Թրիփոլի
Շապապ Սահել – Սալամ Զղարթա 14:15 Ահտ
ԿԻՐԱԿԻ, 8 ՆՈՅԵՄԲԵՐ    
Նեպի Շիթ – Իժթիմահի 14:15 Պուրճ Համուտ
Թրիփոլի – Սաժես 14:15 Թրիփոլի
Ահտ – Ռասինկ 15:30 Սայտա

Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 4-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ.

ԱՅՍՕՐ    
Ումմալ Թրիփոլի – Ահլի Նապաթիէ 14:15 Զղարթա
Հիլալ Հարեթ Նաամէ – Թատամոն Սուր 14:15 Սաֆա
ՀՄԸՄ – Ամալ Մաարաքէ 14:15 Պուրճ Համուտ
ԿԻՐԱԿԻ, 8 ՆՈՅԵՄԲԵՐ    
Իսլահ Պըրժ Շիմալի – Շեպիպեթ Մազրաա 14:15 Սուր
Ախա Ահլի Ալէյ – Ռիատա Ուալ Ատապ 14:15 Պհամտուն
Նախորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Վաղը` Ա. Էս. Ռոմա – Լացիօ Ռոմա Տերպին

Յաջորդը

Ֆութսալ. Վաղը` Թըմնին Թահթա – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.