Հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ նախկին Խորհրդային Միութեան շրջանաւարտներու ակումբին, կիրակի, 22 նոյեմբերին ռուսական մշակութային կեդրոնին մէջ (Վերտան) տեղի կ՛ունենայ ճատրակի տարիքային միօրեայ մրցաշարք մը` 20 տարեկանէն վար բոլոր դասակարգերուն մէջ:
Տեղի պիտի ունենան 6 հանգրուանի մրցումներ եւ անոնք պիտի սկսին առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
Արձանագրութեան համար կարելի է անունները փոխանցել հեռաձայնելով 03-771795 եւ 71-107597 թիւերուն, կամ ալ մրցաշարքին օրը ներկայանալով ակումբ կատարել արձանագրութիւնները:
Նշենք, որ մասնակցութիւնը ձրի է:


