Ռէալ Մատրիտէն եւ Պարսելոնայէն լաւագոյն ընկերներ այս տարեշրջանին կը մասնակցին տարբեր ախոյեանութիւններու եւ տարբեր ցամաքամասերու մէջ:
Վերջին 15 տարիներուն ոչ մէկ «Քլասիքօ» տեղի ունեցած է առանց Պարսելոնայի նախկին միջնապահ Չաւիի եւ Ռէալ Մատրիտի նախկին բերդապահ Իքեր Քասիասի:
Բայց 21 նոյեմբերին անոնք երկուքն ալ 2000-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով մարզադաշտին վրայ իրարու դէմ յանդիման պիտի չգան:
Ընդհանուր առմամբ անոնք երկուքը մասնակցած են 36 «Քլասիքօ»-ի:
Չաւի ունի 15 յաղթանակ, մինչ Քասիաս` 12:
9 ճակատում աւարտած է հաւասարութեամբ: