Պրազիլի ֆութպոլի ախոյեանութեան 35-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Քորինթիանս 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Վասքօ տա Կամայի հետ:
Սակայն արձանագրուած այս հաւասարութիւնը` ախոյեանութեան մրցումէն 3 հանգրուան առաջ, առիթ տուաւ Քորինթիանսի, որ ապահովէ ախոյեանութեան տիտղոսը եւ այժմէն սկսի իր տօնախմբութիւններուն:
Այսպիսով, Քորինթիանս 6-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Պրազիլի ախոյեան: Նախապէս ան ախոյեան հանդիսացած էր 1990-ին, 1995-ին, 1998-ին, 2005-ին եւ 2011-ին: