Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումները:
Ա. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ մրցեցաւ Ամալ Պիքֆայայի դէմ, 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց:
Պարտութիւն մը կրեց նաեւ Բ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ Սատի դաշտին վրայ տեղի տուաւ ներքին ապահովութեան ուժերուն խումբին դիմաց` 7-2 արդիւնքով: Նշենք, որ Ա. կիսախաղին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մարզիկները 2-1 արդիւնքով կը գերազանցէին իրենց մրցակիցը:աջատար Լեւոն Արոնեան արձանագրեց 5 յաղթանակ, 2 հաւասարութիւն եւ կրեց 2 պարտութիւն: