Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, «Սփիտուիք» կը յայտնէ, որ ամերիկացի հանրածանօթ դերասան Սիլվեսթըր Սթալլոն Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած աճուրդի մը ընթացքին ծախած է արկածի հետեւանքով մահացած «Ֆորմիւլա-1»-ի անուանի վարորդ Այրթոն Սեննայէն նուէր ստացած գլխարկը:
1994-ին Պրազիլի կրան փրիէն ետք Սեննա այդ գլխարկը անձամբ տուած էր Սթալլոնի:
Նշենք, որ այդ գլխարկը գնած է 69 տարեկան ամերիկացի մը` անոր համար վճարելով 43 հազար 750 հազար ամերիկեան տոլար: