
«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը տալով ՀՄԸՄ պաշտօնապէս ներկայացուց Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանին մասնակցող իր խումբը:
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին մեծ թիւով ներկաներ:

PROFOTO
Ներկայ էր Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար, ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի յանձնախումբին ատենապետ Կի Մանուկեան, Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ, քաղաքապետութեան երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան մարզական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Յակոբ Թերզեան, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ Ճորճ Սապունճեան, մեծ թիւով մարզական լրագրողներ, հովանաւորող ընկերութիւններ եւ յատուկ հրաւիրեալներ:
Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ Քրիստ Լիպարեան, որուն յաջորդեց Կի Մանուկեանի խօսքը, որ ներկաներուն բարի գալուստի իր խօսքէն ետք սրահ հրաւիրեց ՀՄԸՄ-ի մարզիկները` սկսելով խմբապետ Սեւակ Քեթենճեանէն, ապա յաջորդաբար` Արամ Աբրահամեան, Րաֆֆի Խալոյեան, Հայկ Խաչերեան, Ժան-Ժաք Յակոբեան, Ահմետ Իպրահիմ, Պիլալ Թապպարա, Պատիհ Սուէյտ, Ռապիհ Իսքանտար, Նատիմ Սուէյտ, Ճասթըն Թապզ, Տիուան Ճեքսըն եւ Նորֆել Պել:
Սրահ մուտք գործեցին նաեւ Գրիգոր Մեսչեան (խումբի պատասխանատու), Աւօ Պոյներեան (օգնական պատասխանատու), Ճօ Մըզամես (մարզիչ), Ալիք Թապաքեան, Սարգիս Սվաճեան (օգնական մարզիչներ), Ժիհատ Հատտատ, Շարլ Խալիֆէ (բժիշկներ), Յարութ Թիքիճեան (վիճակագրութիւն), Բեգլար Արապեան (գումակային աշխատանք) եւ Ռոնի Իպրահիմ (օգնական բժիշկ):
Ապա, խօսք առին պասքեթպոլի յանձնախումբի անդամներ Շանթ Էթիեմեզեան եւ Հրաչ Չիլինկիրեան, որոնք ներկայացնելէ ետք հովանաւորող ընկերութիւններուն ցանկը, շնորհակալութիւն յայտնեցին ներկաներուն, որոնք այս հրաւէրին ընդառաջեցին:
Լրագրողի մը հարցումին պատասխանելով` Կի Մանուկեան ըսաւ, որ խումբին այս տարեշրջանին պիւտճէն կը կազմէ 620 հազար ամերիկեան տոլար:
Աւարտին, ֆետերասիոնին նախագահը, ինչպէս նաեւ հովանաւորող ընկերութիւնները ՀՄԸՄ-ի մարզաշապիկը ստացան իբրեւ յուշանուէր: