Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի գործակալ Մինօ Ռայոլա իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ անոր ակումբը` Պորուսիա Տորթմունտ, յստակ նպատակ մը ունի երկարաձգելու ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը:
Այս հարցին անդրադարձաւ նաեւ Տորթմունտի թեքնիք տնօրէն Միքայէլ Ցորք:
Ներկայիս Մխիթարեան իր ակումբէն տարեկան կը գանձէ 4.5 միլիոն եւրօ: Նոր պայմանագիրով այդ գումարը կրնայ հասնիլ 7 միլիոն եւրոյի:
2015-2016 տարեշրջանին Մխիթարեան պաշտօնական 28 մրցումի ընթացքին դարձաւ 15 կոլի եւ 19 կոլի փոխանցման հեղինակ: