«Սքայ Սփորթ Իթալիա»-ի համաձայն, Նափոլի մեծ աշխատանք կը տանի իր կազմին միացնելու Եուվենթուսի յետսապահ Տանիելէ Ռուկանին:
Անոր փոխանցման համար թէեւ Նափոլի առաջարկեց 25 միլիոն եւրօ, սակայն Եուվէ մերժեց այդ առաջարկը:
Կ՛ակնկալուի, որ այժմ Նափոլի նոր առաջարկով մը ներկայանայ Եուվենթուսին:
Նախորդ տարեշրջանին Ռուկանի, որ մաս կը կազմէր Էմփոլիի, առանց փոխարինման մասնակցեցաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան բոլոր մրցումներուն` ոչ մէկ դեղին քարտ ստանալով:
Ինչ կը վերաբերի այս տարեշրջանին, իտալացին առիթ չի ստանար Եուվենթուսի կատարած մրցումներուն մասնակցելու: