«Մարքա» կը յայտնէ, որ քաթալոնական Պարսելոնայի պատասխանատուները կը շարունակեն իրենց աշխատանքը` պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարի հետ պայմանագրութիւնը երկարաձգելու գծով:
Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, այժմ գլխաւոր հարցը կապուած է Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին խմբապետին աշխատավարձին հետ:
Ներկայ դրութեամբ ան տարեկան կը ստանայ 10.5 միլիոն եւրօ:
Եթէ անոր հետ նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրուի, այդ գումարը պիտի եռապատկուի եւ հասնի 30 միլիոն եւրոյի:
Նշենք, որ անոր գործող պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2018-ին: