Հիրենվենի (Հոլանտա) երիտասարդական խումբին ֆութպոլիստ` Գոռ Աղբալեան հրաւիրուեցաւ Հայաստանի 21 տարեկանէն վար երիտասարդական հաւաքական` իր մասնակցութիւնը բերելու Դանիոյ դէմ տեղի ունենալիք Եուրօ-2017-ի ախոյեանութեան զտումի մրցումին:
Հայկական լրատու աղբիւրներէն ArmSport.am-ը հաղորդեց, որ 18 տարեկան միջնապահը նախապէս հրաւիրուած էր Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքական:
Հայաստան – Դանիա 21 տարեկանէն վար Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ 29 մարտին: