
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 7-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Մանարայի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Ռիատի – Շանվիլ դռնփակ մրցումը:
Անիկա աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ յաղթանակով` 98-88 արդիւնքով (23-18, 44-44, 69-68 եւ 98-88):
Ռիատի կէտերու տարբերութիւնը բարձրացուց չորրորդ քորթըրին, երբ նշանակեց 30 կէտ, մինչ Շանվիլ նշանակեց 20 կէտ:
Ռիատիի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ֆատի Խաթիպ (29), մինչ Շանվիլէն Նիքոլոս Ցքիթիշվիլի նշանակեց 26 կէտ:
Այս հանգրուանը կը շարունակուի այսօր, երբ «Ֆուատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք), երեկոյեան ժամը 17:45-ին, Թատամոն կը հիւրընկալէ Պիպլոսը:


