Եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենան երեք մրցումներ, իւրաքանչիւրը` տարբեր երկրի մէջ:
Կեթաֆէ – Էյպար մրցումով այսօր կը սկսի «Լա լիկա»-ի 30-րդ հանգրուանը: Անիկա կը սկսի ժամը 21:30-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
«Պունտըսլիկա»-ի 27-րդ հանգրուանի բացման մրցումը այսօր իրարու դէմ կը հանէ Շալքէն եւ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախը, դարձեալ նոյն ժամուն:
Վերջապէս, երրորդ մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ նոյն ժամուն, իրարու դէմ պիտի հանէ Մարսէյը եւ Ռեննը, «Լիկ-1»-ի 31-րդ հանգրուանի բացման մրցումին:


