
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը իր նստավայրին մէջ (Ժալ էլ Տիպ) ժողով մը գումարելով տուաւ կարգ մը որոշումներ` լսելէ ետք Պիպլոս-Հուփս մրցումին հսկող անձին, ինչպէս նաեւ իրաւարարներուն տուած մանրամասն տեղեկութիւնները:
Ֆետերասիոնը երկու մրցումով կախակայեց Պիպլոսի նախագահ Ժան-Մարք Խալետը, որ վերոնշեալ մրցումին դաշտ մտած էր` բողոքելով իրաւարարներուն տուած որոշումին դէմ:
Եթէ պատահի, որ ան չյարգէ այս որոշումը, անոր ակումբը պարտուած կը հռչակուի:
Ակումբի օգնական մարզիչ Ժովան Կորեք վերջին անգամ ըլլալով ազդարարուեցաւ` նկատի ունենալով, որ ան մարզիկներն ու համակիրները կը հրահրէր հարցեր ստեղծելու համար:
Պիպլոսի մարզիկներէն Սթիւըն Պըրթ հինգ հազար ամերիկեան տոլար տուգանքի ենթարկուեցաւ:
Այս գումարը պէտք է ֆետերասիոնին վճարուի, նախքան Պիպլոսի կատարելիք յաջորդ մրցումը:


