Հայաստանի Ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան վերադարձէն ետք առաջին կոլը նշանակեց Միացեալ Նահանգներու ախոյեանութեան մրցաշարքին ընթացքին: Մովսիսեանի խումբը` Ռէալ Սոլթ Լէյք, հիւրն էր Փորթլենտի եւ բաւարարուեցաւ հաւասարութեամբ` 2-2: Հիւրերուն երկրորդ կոլը 58-րդ վայրկեանին նշանակեց Եուրա Մովսիսեան: