Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 20 մարտին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրընկալեց Մապարրան: Մրցումը վերջ գտաւ ի նպաստ հիւրերուն` 1-0 արդիւնքով: