Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցող աշխարհի 8-րդ ախոյեան Միհայիլ Թալի անուան նուիրուած ճատրակի 10-րդ յուշամրցաշարքին, հանգիստի օրէն ետք, երէկ տեղի ունեցան 7-րդ հանգրուանի հանդիպումները:
Նախորդ հանգրուանին հոլանտացի Անիշ Կիրիին յաղթած հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, երէկ սեւ քարերով ճակատեցաւ ազրպէյճանցի Շահրիար Մամետեարովի դէմ: Կողմերը 40-րդ շարժումին համաձայնեցան հաւասարութեամբ բաժնուիլ իրարմէ:
Հայաստանի ճատրակի յառաջատարը այժմ ունի 4 կէտ, իսկ Մամետեարով` 3: