ԹՈՐԳՈՄ

Լաւ դիտեցէ՛ք նկարը:
Մարզիկը (եթէ այդպէս կարելի է անուանել զայն) «թեւը մտած է» Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, որ շատ ուրախ կը թուի, աւելի ուրախ` քան… մարզիկը, որ յայտնի է, նախագահին աչքը մտած է:
Երկուքն ալ հպարտ են եւ իրարու հետ` շատ սիրալիր:
Նոյնիսկ ետեւը կանգնած անձը (թիկնապա՞հ, մարզի՞կ, կա՞մ մարզիկ ծպտուած թիկնապահ) ուրախ է, հաւանաբար ինքն ալ պիտի ուզէր նախագահին միւս «թեւը մտնել», եթէ անոր աչքը մտած ըլլար…
«Աչքերնիդ չելլէ», պիտի ըսէին մեր իմաստուն պապերը:
Վստահաբար յիշեցիք, Ալիեւի աչքին լոյս «մարզիկը», Իրաքի Մուսուլ քաղաքին մէջ ռմբակոծումի պատճառով վերջերս սպաննուած ՏԱՀԵՇ-ի զինեալն է, ազատ ոճի ըմբշամարտի 2009 թուականի Եւրոպայի ախոյեան Չամսուլվարա Չամսուլվարայեւ: Ան բազմաթիւ մետալներ շահած տաղստանցի ըմբիշ մըն է, որ միջազգային մրցումներուն Ազրպէյճանը ներկայացուցած է: Չամսուլվարա Չամսուլվարայեւ ՏԱՀԵՇ-ի համար Հիւսիսային Կովկասի մէջ կ՛անդամագրէր անձնասպանական գործողութիւններ իրականացնելիք կիներ:
Ազրպէյճանը ներկայացնող «մարզիկը», Ալիեւի աչքին լոյսը, զարմանալի չէ, որ բաւական աշխուժ ահաբեկչական գործունէութիւն կ՛ունենար:
Այդ երկրին մէջ մարդասպանները պատժելու փոխարէն կը պատուեն: Վերջին օրինակը ապրիլեան սահմանային կռիւներուն ընթացքին արձանագրուած գազանութիւնն էր, որուն հեղինակները հերոսացան:
Պատմութեան մէջ աւելի քան տասնամեակ մը ետ երթանք…

Ռամիլ Սաֆարով` Ազրպէյճանի բանակի զինուորականը, 2004-ին Հունգարիոյ մէջ, ՕԹԱՆ-ի ռազմափորձերուն ընթացքին, մտնելով հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանին սենեակը, զայն կացինահարելով սպաննեց: Հունգարիոյ մէջ ցմահ բանտարկութեան վճիռ ստանալէ ետք, երբ 2012-ին Ազրպէյճանի արտայանձնուելով Պաքու հասաւ, իբրեւ ազգային հերոս դիմաւորուեցաւ: Երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրամանագիրով անոր նոյն օրը ներում շնորհուեցաւ, Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ զինուորական կոչումը բարձրացաւ, ստացաւ դրամական «կոկիկ» վարձատրութիւն մը եւ բնակարան…
Անշուշտ Ազրպէյճանի անցեալէն եկող այս երթը, դէպի ապագայ պիտի երթայ, որովհետեւ մինչ միջազգային հանրութիւնը միայն կը դատապարտէ, Ազրպէյճան իր մարզիկները մարտիկներու կը վերածէ, մարտիկները` մարդասպաններու, իսկ մարդասպաններն ալ կը հերոսանան:
Պարզ է, որ պատմութիւնը պիտի կրկնուի:
Անմահ Յակոբ Պարոնեան շատո՜նց գրած է.
«Պատմութիւն-Ետեւդ նայէ՛, որ առջեւդ տեսնես»: