Ճափոնի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ, որ Թոքիօ-2020-ի ողիմպիական խաղերու մարզադաշտին կառուցման համար տրամադրէ 1,5 միլիառ ամերիկեան տոլար:
Այդ մարզադաշտին կառուցման աշխատանքները պիտի սկսին դեկտեմբերին եւ պիտի աւարտին` նոյեմբեր 2019-ին:
Նշենք, որ այդ մարզադաշտին կառուցման աշխատանքները շուրջ մէկ տարիէ ի վեր կը յետաձգուէին` անոնց բարձր արժէքին պատճառով:
Թոքիօ-2020-ի կայացման ընդհանուր արժէքը կը գնահատուի 30 միլիառ ամերիկեան տոլարով, կը յայտնէ «Էյ. Փի.»: