
Ասթոն Վիլայի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ պաշտօնանկ ըրաւ խումբին իտալացի մարզիչը` Ռոպերթօ Տի Մաթէոն, խումբին արձանագրած բաւական ձախող արդիւնքներուն պատճառով:
«Փրեմիեր լիկ»-ի 11-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Ասթոն Վիլա 10 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 19-րդ եւ նախավերջին դիրքը:
Խումբը Տի Մաթէոյի գլխաւորութեամբ 13 օգոստոսէն ի վեր յաղթանակ չէ արձանագրած:
Անոր փոխարէն խումբի նոր մարզիչ նշանակուեցաւ Սթիւ Քլարք: