Ռէալ Մատրիտի մարզիչ Զինետին Զիտան իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ իր խումբին մաս կազմող յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա կ՛ուզէ վերադառնալ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբ:
Զիտան ըսաւ, որ ինք տեսնելով անոր ունեցած բաւական լաւ խաղարկութիւնը, կը նկատէ, որ ան արժանի է վերադառնալու ազգային խումբ, բայց եւ այնպէս ատիկա վերջնականապէս որոշողը պիտի ըլլայ Ֆրանսայի մարզիչը: