

Ռուսիոյ Խանթի Մանսիյսք քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ճատրակի աշխարհի պատանեկան ախոյեանութեան մրցաշարքին մէջ Հայաստանն ունեցաւ 2 ախոյեան:
Մինչեւ 16 տարեկաններու բաց մրցաշարքին մէջ ախոյեան հռչակուեցաւ Հայկ Մարտիրոսեան: Ան 11 հանգրուաններուն շահեցաւ 9 կէտ եւ առանձին գրաւեց առաջին դիրքը:
Մինչեւ 18 տարեկաններու պայքարին մէջ ալ աշխարհի ախոյեան դարձաւ Մանուէլ Պետրոսեան, որ նոյնպէս 11 կէտէն շահեցաւ 9 կէտ:


