Կազմակերպութեամբ Լիբանանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Ժամհուր ակումբին մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի 2016-ի մարմնամարզութեան 5-րդ եւ 6-րդ դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները` մասնակցութեամբ բազմաթիւ մարզիկներու, որոնք կը ներկայացնէին հետեւեալ ակումբները.
Մոն լա Սալ, Ռիատի Պէյրութ, Պուտտա, Հուփս, Ժամհուր, Նըժում-Թրիփոլի, Մուժամահ Հարիրի, Լիսէ Նասիոնալ եւ Ռաֆիք Հարիրի երկրորդական վարժարան:
Մոն լա Սալ ակումբին մաս կազմող Նարօտ Կիւրիւնլեան (2007-2008-ի ծնունդ) բացառիկ արդիւնք արձանագրելով արժանացաւ բոլորին գնահատանքին, մանաւանդ նկատի ունենալով այն պարագան, որ ան ախոյեանութեան ամէնէն փոքր մասնակցողն էր:
Աւարտին ան տիրացաւ 3 ոսկի եւ 2 արծաթ մետալի: