Շիահի մարզադաշտին վրայ, այսօր տեղի կ՛ունենան Հանրի Շալհուպի անուան պասքեթպոլի 2-րդ մրցաշարքին կիսաւարտականի մրցումները:
Առաջին մրցումին, որ պիտի սկսի ժամը 16:00-ին, իրարու դէմ պիտի մրցին Թատամոն եւ Պիպլոս:
Ինչ կը վերաբերի երկրորդ մրցումին, երեկոյեան ժամը 18:30-ին իրարու դէմ պիտի մրցին ՀՄԸՄ եւ Շանվիլ:
Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող մրցումները երէկ հասան իրենց աւարտին, երբ տեղի ունեցան Պիպլոս – Հուփս (76-55) եւ Լուէյզի – Շանվիլ (64-62) մրցումները:
Շանվիլ գրաւելով Բ. խմբակին առաջին դիրքը, իր դէմ պիտի ունենայ Ա. խմբակին 2-րդ դիրքը գրաւող ՀՄԸՄ-ը:
Մինչ Պիպլոս, որ գրաւեց Բ. խմբակին երկրորդ դիրքը, պիտի ճակատի Ա. խմբակին առաջին դիրքը գրաւող Թատամոնին դէմ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ քաջալերել իրենց կազմը: