Փարակուէյցի յառաջապահ Ռոքէ Սանթա Քրուզ, որ իր մասնակցութիւնը բերած է 3 մոնտիալներու, յայտարարեց, որ Փերուի եւ Պոլիվիոյ դէմ տեղի ունենալիք 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցումներէն ետք պիտի լքէ միջազգային ասպարէզը:
35 տարեկան Սանթա Քրուզ իր նախավերջին մրցումը պիտի կատարէ յառաջիկայ ուրբաթ օր, իսկ անկէ չորս օր ետք իր կազմին հետ Լա Փազի մէջ իր վերջին մրցումը պիտի ունենայ Փերուի դէմ:
Սանթա Քրուզ մաս կազմած է շարք մը ակումբներու, որոնց կարգին` Պայէրն Միւնիխ, Մանչեսթըր Սիթի, Ռէալ Պեթիս, Պլեքպըրն, Մալակա եւ Քրուզ Ազուլ: