Լացիօ Ռոմայի նախկին մարզիչ Շթեֆանօ Փիոլի նշանակուեցաւ Ինթեր Միլանի մարզիչ, յայտնեց վերջինիս պաշտօնական կայքը:
51 տարեկան Փիոլի փոխարինեց Ֆրանք տը Պէօրը, որ պաշտօնանկ եղաւ Ինթերի պատասխանատուներուն կողմէ` խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով:
Այժմ, «Քալչիօ»-ի 12-րդ հանգրուանէն ետք, Ինթեր 17 կէտով կը գրաւէ 9-րդ դիրքը: