
PROFOTO
Հանրի Շալհուպի անուան պասքեթպոլի 2-րդ մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան կիսաւարտականի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ Պիպլոս եւ Շանվիլ ապահովեցին աւարտականի իրենց տոմսերը:
Նշենք, որ տիտղոսին տիրացողը կը ստանայ 50 հազար ամերիկեան տոլար, մինչ աւարտականին պարտուողը` 25 հազար ամերիկեան տոլար:
Թէ՛ ՀՄԸՄ եւ թէ՛ Շանվիլ յաջողեցան բաւական լաւ ներկայացում մը կատարել` մեծ թիւով համակիրներու ներկայութեան:
Սակայն վերջնական յաղթականը եղաւ Շանվիլ, որ արձանագրեց 12 կէտի առաւելութեամբ յաղթանակ մը` 89-77 արդիւնքով (14-27, 21-12, 27-23 եւ 27-15):
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Փաթրիք Ռեմպըրթ (29), մինչ Շանվիլի անոր խմբակից Պրենտըն Թոմաս` 24: Շանվիլի երրորդ օտարականը` Կարնեթ Թոմսըն նշանակեց 17 կէտ:
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեցին` Աթեր Մաժոք եւ Մայք Թէյլըր (18-ական կէտ), մինչ Տուայն Ճեքսըն` 15:
ՀՄԸՄ ձեռք ձգեց 37 ռիպաունտ, մինչ Շանվիլ` 53:
ՀՄԸՄ 34 թրի փոյնթերէն 11-ը հասցուց իր նպատակին, մինչ Շանվիլ` 35-էն` 13-ը:
Աւարտականին Շանվիլ կը մրցի Պիպլոսի դէմ, որ 74-73 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Թատամոնը: