Մեքսիքայի Թուլանխիքօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ոչ արհեստավարժ լիկայի մրցաշարքին ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին ֆութպոլիստ Ռուպեն Վասքեզ սպաննեց իրաւարար Վիքթոր Թրեխոն, որ իրեն կարմիր քարտ տուած էր:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Goal.com կայքը, ֆութպոլիստը իր կարմիր քարտը ստանալէն անմիջապէս ետք վազած եւ հարուածած է իրաւարարին դէմքին, որ գետին իյնալով անշնչացած է:
Բժիշկները չեն կրցած անոր կեանքը փրկել: Իսկ Վասքեզ փախուստ տուած է եւ այժմ տեղւոյն ոստիկանութեան կողմէ կը փնտռուի: