«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի Նորանշանակ Տնօրէնը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին
Շաբաթ, 28 յունուար 2023-ին Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի նորանշանակ տնօրէն, երէցկին Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեանը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի խորհրդատու մարմինի ատենապետ Ալին Տէյրմենճեանի:
Իբրեւ նորանշանակ տնօրէն` երէցկինը եկած էր ստանալու վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնը: Հայրապետը ջերմօրէն ողջունելով Դանիէլեանի նշանակումը տնօրէն` անդրադարձաւ «Ճինիշեան»-ի առաքելութեան եւ մեծապէս գնահատեց հաստատութեան կատարած մարդասիրական աշխատանքները: Լիբանանի, Սուրիոյ ու Հայաստանի մէջ: Կաթողիկոսը յիշեց, որ մօտէն ծանօթ է «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի գործունէութեան ու Երիցական եկեղեցւոյ, ուր պահ դրուած է հաստատութեան դրամագլուխը, եւ անդրադարձ կատարեց մեր եկեղեցւոյ հետ անոր ունեցած սերտ գործակցութեան: Շնորհաւորելով նորանշանակ տնօրէնը` վեհափառը թելադրեց, որ յատուկ կարեւորութիւն ընծայուի կարիքաւոր ընտանիքներու յատկապէս դեղորայքի օժանդակութեան` նկատի ունենալով Լիբանանէն ու Սուրիայէն ներս շարունակուող ընկերային-տնտեսական տագնապը:
Հայ Եկեղեցին Կը Մասնակցի Ծոցի Երկիրներու Եկեղեցիներու Խորհուրդի Տարեկան Ժողովին
23 եւ 24 յունուար 2023-ին Ռաս Ալ Խայմայի մէջ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւն, տեղի ունեցաւ Ծոցի երկիրներու եկեղեցիներու խորհուրդի տարեկան ժողովը, որուն, յանուն Հայ եկեղեցւոյ իրենց մասնակցութիւնը բերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ շրջակայից հայոց թեմի առաջնորդ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեանն ու Քուէյթի եւ շրջակայից հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Պետրոս Ծ. վրդ. Մանուէլեանը:
Երկօրեայ ժողովը կեդրոնացած էր Ծոցի երկիրներուն մէջ գործող եկեղեցիներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն` անդրադառնալով յատկապէս համաճարակի ստեղծած դժուարութիւններուն:
Նշենք, որ սոյն խորհուրդի ստեղծման եւ անցնող տասը տարիներու ընթացքին բարգաւաճման մէջ իր ուրոյն տեղն ունի Հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը:
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարը
Կաթողիկոսանիստ վանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի (ՄԱԵԽ) ընդհանուր քարտուղար դոկտոր Միշէլ Ապսի` ընկերակցութեամբ օգնական ընդհանուր քարտուղար Սեդա Խտըշեանի եւ խորհուրդի գործադիր վարչութեան անդամ դոկտ. Ժան Սալմանեանի:
Այցելութեան նպատակն էր վեհափառ հայրապետին հետ խորհրդակցիլ խորհուրդին առնչուած կարգ մը հարցերու շուրջ: Այս առիթով կաթողիկոսը թելադրեց, որ Խորհուրդը աւելի ազդու ներկայութիւն դառնայ Միջին Արեւելքի մէջ` թէ՛ եկեղեցիներուն եւ թէ իսլամ համայնքներուն հետ իր յարաբերութիւնները աւելի ծաւալելու եւ յատուկ կարեւորութիւն ընծայելու այն աշխատանքներուն, որոնք կը նպաստեն եկեղեցիներու կրթական ու ընկերային ծրագիրներուն:
Այցելութիւն Ճիպէյլ
Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ այցելեց Լիբանանի Ճիպէյլ պատմական քաղաքին մէջ գտնուող «Թռչնոց բոյն» եւ Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան եւ մօտէն հետեւեցաւ այնտեղ կատարուող աշխատանքներուն: