Հինգշաբթի, 19 յունուար 2023-ի յետմիջօրէի ժամը 6:30-ին Հայ կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ընդունելութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի տնօրէնութեան ջահի փոխանցումը` ներկայութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի խորհրդատու մարմինի փոխատենապետ Սոնա Յարաթիւնեանի, գործադիր տնօրէնուհի Էլիզա Մինասեանի, Լիբանանի Խորհրդատու մարմինի նախկին եւ ներկայ անդամներուն, բարեսիրական քոյր հաստատութիւններու տնօրէններու ու ներկայացուցիչներու:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի գործադիր տնօրէն Էլիզա Մինասեան, որ նշեց, թէ պահը ինքնին յուզիչ է այն առումով, որ տարիներու անսակարկ վաստակ ունեցող նուիրեալ անձ մը կը բաժնուի «Ճինիշեան»-ի ընտանիքէն: Ան դրուատիքով անդրադարձաւ տնօրէն Փոլին Սաղըրեանի անձնուէր աշխատանքին` հաստատելով, որ հակառակ լիբանանահայ կեանքի վերիվայրումներուն եւ դիմագրաւած բազում դժուարութիւններուն` ան գործեց տարիներ շարունակ եւ մնաց պատնէշի վրայ, «Ճինիշեան»-ի կտակին համաձայն, հասնելով հոն, ո՛ւր կարիք կար` մեկնելով քրիստոնէական բարձր զգացումներէն: Էլիզա Մինասեան այս առիթով վերյիշեց նախկին տնօրէնները` Հայկ Թիլպեանն ու Սեդա Փամպուքեանը, ինչպէս նաեւ երկար տարիներ ծառայած պաշտօնեաները, որոնք սիրոյ եւ զոհողութեան նոյն ոգիով իրենց նուիրական աշխատանքը կատարեցին: Ան ողջունեց Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեանի մուտքը «Ճինիշեան» հաստատութիւն` որպէս տնօրէն, եւ ըսաւ. «Հաստատ համոզուած ենք` Քրիստին Դանիէլեանի որոշումը նոյնպէս ի վերուստ որոշուած է»: Ապա Հայաստանի սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին անունով շնորհակալագիր յանձնեց նախկին տնօրէն Փոլին Սաղըրեանին` «Ի բարօրութիւն Լիբանանի հայ համայնքի իրականացուցած 27-ամեայ նուիրական ծառայութեան համար»:
Ամերիկայի «Ճինիշեան» Խորհրդատու մարմինին անունով խօսք առաւ փոխատենապետ Սոնա Յարաթիւնեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Փոլին Սաղըրեանի երկարամեայ նուիրական ծառայութեան` նշելով, որ ան` իբրեւ առաջնորդ, հաւատարմօրէն ծառայեց իր ժողովուրդին, եւ հասաւ պահը անմար ջահը փոխանցելու Քրիստին Դանիէլեանին: Ան վստահեցուց, որ Ամերիկայի Խորհրդատու մարմինը իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ` զօրավիգ կանգնելու նորանշանակ տնօրէնին, եւ վստահ են, որ ան նոր աւիշ պիտի բերէ այս գործին:
Ս. Յարաթիւնեան յայտնեց, որ իբրեւ գնահատանք Փոլին Սաղըրեանի երկարամեայ ծառայութեան` Ամերիկայի Խորհրդատու մարմինը որոշած է Լիբանանի մէջ կազմակերպել մանուկներու ամառնային ճամբար «Փոլին Սաղըրեան» անունով, ապա անոր յանձնեց գնահատագիր:
Սրտի խօսք արտասանեց Փոլին Սաղըրեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց` Ամերիկայի Խորհուրդին, Լիբանանի Խորհրդատու մարմինի անդամներուն, գործակիցներուն, բարերարներուն, որոնք տարիներ շարունակ իր կողքին եղան, քաջալերեցին զինք, եւ իրենց գործակցութեան շնորհիւ` ինք կրցաւ յառաջ տանիլ այս գործը: Երախտագիտութեամբ յիշեց նախկին տնօրէնները, ապա անդրադարձաւ իր տնօրէնութեան շրջանին «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ին արձանագրած իրագործումներուն:
Խօսք առաւ նորանշանակ տնօրէն Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան, որ դիտել տուաւ, թէ բարեսիրական հաստատութիւնները հայ իրականութեան մէջ եղած են վահան ամրութեան, մանաւանդ` յետցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին, երբ հայ ժողովուրդը անապատներու ճամբով հասաւ Լիբանան ու Սուրիա, եւ շնորհիւ հայ բարեսիրական հաստատութիւններու` կրցան վերականգնիլ, գոյատեւել եւ արձակել կեանքի նոր ծիլեր: Ան նշեց, որ 23 տարիներ ծառայեց ժողովուրդին` «Գարակէօզեան» հաստատութեան ճամբով եւ իր փորձառութենէն մեկնած` նշեց, որ ընկերային ծառայողներն ու այս բնագաւառին մէջ գործողները, գոհունակութեան զգացումներու առընթեր, կ՛ունենան հոգեկան տառապանքներ ու անքուն գիշերներ` պայքարելու ընդդէմ անարդարութեան սահմանափակ լուծումներով, բայց եւ այնպէս, զինուած հաւատքով ու յոյսով` կարելի եղած է յաղթահարել այդ բոլորը:
«Այս գործը ստանձնելու առաջին պարտականութիւնս եղաւ կարդալ Վարդան Ճինիշեանի կտակը, որ գրուած է տասնամեակներ առաջ. սակայն այսօր, դժբախտաբար, Ցեղասպանութենէն 100 տարիներ ետք, որպէս հայ ժողովուրդ` կ՛ապրինք նոյն ցաւերը, նոյն վիշտերը, եւ այդ կտակը այսօր նոյնքան այժմէական կը հնչէ` ի տես մեր ժողովուրդի զաւակներուն ապրած թշուառ վիճակին: Այսօր ես օրիորդ Փոլինէն կը ստանձնեմ լուսաւոր ջահը` խնդրելով Աստուծմէ, որ իր իմաստութեամբ առաջնորդէ զիս` գործելու իր կամքին համաձայն», եզրափակեց Ք. Դանիէլեան-Սարգիսեան:
Լիբանանի «Ճինիշեան»-ի Խորհրդատու մարմինին անունով խօսք առաւ նաեւ ատենապետ Ալին Տէյրմենճեան, որ վեր առաւ հաստատութեան յատկանիշները, առաքելութեան հիմնական ուղղութիւնները, նաեւ բարձրօրէն գնահատեց Փոլին Սաղըրեանի աշխատանքը եւ բարի գալուստ մաղթեց Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեանին: