Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի 2022 Տարուան Զոյգ Գիրքերուն Շնորհահանդէսը

Յունուար 27, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 19 յունուար 2023-ի երեկոյեան Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի (ՀՀՀ) 2022 տարուան (42-րդ հատոր) զոյգ գիրքերուն (42/1 եւ 42/2) շնորհահանդէսը` ներկայութեամբ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի, հանդէսի հնագոյն աշխատակից, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ, պատմաբան, պատուակալ դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի, Մխիթարեան միաբանութեան փունջ մը սաներու, հիւրերու, բարեկամներու եւ հանդէսի խմբագրակազմի անդամներուն:

Բացման խօսքին մէջ հանդէսի խմբագիր դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան հրաւիրեց ներկաները յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը հանդէսի խմբագրակազմի, ապա եւ խորհրդատու մարմինի անդամ, հանգուցեալ Ժիրայր Դանիէլեանի յիշատակը, որմէ ետք ան նշեց, որ 42-րդ հատորէն սկսեալ հանդէսը լոյս պիտի տեսնէ մէկ հատոր-երկու գիրք դրութեամբ: Դոկտ. Իւրնէշլեան արձանագրեց ընթացիկ հատորով սկսող նորութիւնները` «ՀՀՀ-ի նոր մշակուած առաքելութիւնն ու տեսլականը», «Մասնագիտական հարցազրոյց»-ի բաժինը, «Ազգագրական, բանահիւսական» հում նիւթի ներկայացումը, հատորները եզրափակող «Յիշատակարան»-ը, միաժամանակ նշելով, որ հանդէսը` «Բեմ կը հանդիսանայ նաեւ երիտասարդ գիտնականներու` այն հաստատ համոզումով, կամ գէթ` ակնկալիքով, որ անոնք այս հանգամանաւոր հանդէսին մէջ հրատարակուելով` կը դառնան աւելի՛ խստապահանջ, աւելի՛ բծախնդիր եւ յօդուած առ յօդուած կը բարելաւեն իրենց աշխատանքը»:

Վաստակաշատ բանասէր դոկտ. Յակոբ Չոլաքեանի խօսքը կարդաց հանդէսի խմբագիր Սիլվա Փափազեան: Դոկտ. Չոլաքեան ՀՀՀ-ն նկատեց` «Ներկայիս Սփիւռքի մէջ աւանդական ուղղագրութեամբ լոյս տեսնող փաստօրէն միակը… բոլոր գրութիւնները, արեւմտահայերէն թէ արեւելահայերէն, լոյս կը տեսնեն աւանդական ուղղագրութեամբ: Մեր ուղղագրութեան բազմաձեւութիւններու բովին մէջ խմբագրութիւնը միօրինականացման յստակ մօտեցում կը ցուցաբերէ: Ասիկա յոյժ կարեւոր փաստ մըն է հայագիտութեան արեւմտահայ աւանդութիւնները պահպանելու տեսակէտէն»: Ապա ան ընդգծեց, որ` «Հայագիտութեան նուաճումները պէտք է հասնին օտար ընթերցողին, ասիկա անհրաժեշտութիւն մըն է… մեր ցանկութիւնն է, որ մեր ուսումնասիրողները նախ կիրարկեն արեւմտահայերէնը եւ, հուսկ, հանրայնացնելու համար արժանի նիւթերը շարադրեն անգլերէնով կամ այլ լեզուով մը: Հայագիտութիւնը մեր հոգեւոր եւ նիւթական մշակոյթի արժէքները արժեւորելու ու հանրայնացնելու դերը ունեցած է եւ ունի ներկայիս,- ու թելադրեց,- պէտք է կարողանալ օտար եւ օտարագիր հայագէտներուն ալ ցանկալի բեմ դարձնել հանդէսը: Կ՛ակնկալուի նաեւ, որ հանդէսը կարողանայ սերտ կապեր հաստատել ամբողջ սփիւռքի տարածքին սփռուած հայագիտական հիմնարկներու եւ ամպիոններու հետ ու ապահովել անոնց մերձեցումն ու նոյնիսկ համատեղ ծրագիրներ մշակել»: Դոկտ. Չոլաքեան անդրադարձաւ նաեւ ընդգրկուած նիւթերու խմբաւորումներուն` պատմա-հնագիտութիւն, գրականագիտութիւն, լեզուաբանութիւն, տնտեսագիտութիւն, արուեստ ու արհեստ, ընկերաբանութիւն, բանարուեստ եւ ազգագրութիւն, եկեղեցագիտութիւն, փիլիսոփայութիւն, հրապարակումներ եւ այլն, մատնանշեց «մօտիկ անցեալի մեր խնդիրները լուսարձակի տակ» առնող նիւթեր, ու շեշտեց. «Մեզի համար յոյժ կարեւոր են արեւմտահայութեան ու մանաւանդ սփիւռքահայութեան վերաբերող ուսումնասիրութիւնները, որոնք լուսարձակի տակ կ՛առնեն որոշ տեղավայրեր, դէպքեր ու դէմքեր, կամ կու տան համայնքային-յարանուանական ու գաղութային պատմութեան պատկերը», «ցանկալի» նկատեց, որ «սփիւռքահայ գրականագէտներ, արուեստաբաններ եւ երաժշտագէտներ տեղ գրաւեն հանդէսին մէջ»: Ան նկատեց որոշ հետաքրքրութեան մը ներկայութիւնը` «Սփիւռքի մէջ հայ ժողովուրդի նիւթական մշակոյթի ցրուած արժէքները հաւաքողներուն եւ հանրայնացնող ուսումնասիրողներու նկատմամբ», կարեւորեց հանդէսի հրապարակումներու բաժինը, հանդէսին «իւրայատկութիւններէն» համարեց աշխատակիցներու կենսագրութեան ու «մահագրականներ» բաժինները: Հուսկ, ան գնահատելով հանդէսի լեզուագիտութեան բաժինը` «ցանկալի» գտաւ, որ` «Սփիւռքի համար լրջագոյն խնդիր ներկայացնող արեւմտահայերէնի ուսուցման հետ կապուած հարցերը` մեթոտաբանութիւն, դասագիրքեր, ուսուցիչներու որակաւորում, առկայ եւ առցանց, ամէնօրեայ եւ միօրեայ ուսուցման հարցերը… քննարկումի ենթարկուին» հանդէսին մէջ: Դոկտ. Չոլաքեան շնորհակալութիւն յայտնեց հանդէսի հրատարակութեան զօրավիգ կանգնած մարմիններուն եւ խմբագրակազմին «բծախնդիր ու հետեւողական աշխատանքներուն»:

Շնորհահանդէսի գեղարուեստական բաժինով 42-րդ հատորի առաջին գիրքին մէջ լոյս տեսած հանգուցեալ Վահան Ա. քհնյ. Քենտիրճեանի ինքնագիր յօրինումներէն երգեց անոր թոռը` Սեւակ Քենտիրճեան:

Անդրադառնալով դարերու ընթացքին բառերու, հասկացողութիւններու եւ հաստատութիւններու հանդէպ մարդ արարածին ընկալման փոփոխութիւններուն` հանդէսի պատասխանատու խմբագիր դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան հաւաստեց, որ` «ՀՀՀ-ի պատկան մարմինները, խմբագրակազմս ու անոր շուրջ հաւաքուածներս… կը դաւանինք հայագիտութիւն հասկացողութեան նոր սահմանումին, զայն աւելի լայն կը տեսնենք, քան` դասական հայագիտութիւնը: Մեր դաւանած հայագիտութեան նոր սահմանումը կը կիրարկենք հանդէսին մէջ, քանի որ կը հաւատանք, թէ այդպիսով հայագիտութիւնը կ՛այժմէականանայ, կը թարմանայ, կ՛երիտասարդանայ, այդպիսով ան առաւե՛լ օգտապաշտական, սատարողական կը դառնայ: Ասիկա գործընթաց մըն է, որուն իրագործումը հետեւողականօրէն կը հետապնդենք»: Դոկտ. Տագէսեան եզրափակեց իր խօսքը` ընդգծելով, որ` «Ժամանակն է, որ ազգային գերագոյն ճգնաժամի այս օրերուն մենք մեր բաժինը կատարած ըլլալու ինքնախաբէութեան քամֆըրթ զոներէն դուրս գանք եւ արտակարգ ոստումով մը վերաիմաստաւորենք մեր ազգային հասկացողութիւնները եւ վերաիմաստաւորուած կիրարկենք զանոնք»:

Փակման իր խօսքին մէջ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. Հայտոսթեան գոհունակութիւն յայտնեց հանդէսին արձանագրած յաջողութիւններուն, անոր հետեւողական հրատարակման, մակարդակին պահպանման համար: Ան հանդէսի 2022 տարուան զոյգ գիրքերու հրատարակումը նկատեց «վստահաբար զարգացման քայլ», աւելցնելով, որ` «Գոհունակութիւն անպայման չի նշանակեր բաւարարութիւն: Սակայն, երբ կայ պատճառ գոհունակութեան, մենք կարեւորութեամբ պէտք է զայն ընդգրկենք»: Ան աւելցուց, որ` «Հայկական նահանջի օրինակները կրնան բազմաթիւ ըլլալ մեր չորսդին: Բայց կարիքը ունինք յիշելու, որ կան նաեւ կարեւոր յառաջխաղացքներ մեր հայկական կեանքին մէջ»:

Վեր. Հայտոսթեան կարեւորեց հայ դպրոցին մէջ տարուելիք աշխատանքը` «Կարդա՛լ, մտածե՛լ եւ գրե՛լ քաջալերել, որպէսզի նորահաս սերունդները չթուլնան իրենց զարգացման եւ աճման ջանքին մէջ»: Ան անդրադարձաւ գիտական եւ տեղեկատուական աշխարհին մէջ տարուող մրցակցական պայքարին` հաւաստելով, որ էական է «բոլոր լեզուներով առատ հայագիտական նիւթ հայթայթելը աշխարհին»:

Հուսկ, ան ողջունեց «Արցախի մէջ պայքարող մեր աշխատակիցները, Հայաստանի եւ սփիւռքի հայագէտները, որոնք կը գործեն առանձինն իրենց անկիւններուն մէջ կամ հաստատութիւններու մէջ, մեզմէ բաժնուած ու սիրելի Ժիրայր Դանիէլեանի թարմ յիշատակը, անոր հայագիտական վաստակը Հայկազեան համալսարանին մէջ երկար տարիներ եւ շատ անդին, ներառեալ` հանդէսի պատմութեան մէջ»: Վեր. Հայտոսթեան իր խօսքը փակեց գնահատանքի խօսք ուղղելով խմբագրակազմին եւ «2023-ի հատորով նորանոր հանդիպումներու յոյսով եւ նորոգեալ տեսիլքով» բաժնուիլ առաջարկեց շնորհահանդէսի այս «տօնական» պահէն:

«Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի 42-րդ հատորի երկու գիրքերը միասնաբար կը հաշուեն` 67 յօդուած-ուսումնասիրութիւններ, քննարկումներ, հրապարակումներ եւ գրախօսութիւններ եւ շուրջ երեսուն հայագէտներու մահագրականներ: Ընդհանուրը 1300 էջ հաշուող այս հատորին աշխատակիցները կու գան` Արժանթինէն, Եգիպտոսէն, Թուրքիայէն, Լիբանանէն, Հայաստանի Հանրապետութենէն, Մ. Նահանգներէն, Յունաստանէն, Չեխիայէն, Սլովաքիայէն, Սուրիայէն, Քանատայէն եւ Ֆրանսայէն:

Հանդէսի այս եւ նախորդ բոլոր հատորներուն նիւթերը կարելի է գտնել առցանց` Հայաստանի Ազգային գրադարանի եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի կայքէջերուն վրայ:

Նախորդը

Կռթնած Բեմարուեստին Առջեւ, Ինչպէս` Սուրբ Խորանին

Յաջորդը

31 Հազար Տոլար Հանգանակուեցաւ ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» Կոմիտէի Ձեռնարկին

RelatedPosts

Մեծարանքի Հանդիսութիւն Հայ Աւետարանական Վարժարաններու Վաստակաւոր Կրթական Մշակներու
Գաղութային

Մեծարանքի Հանդիսութիւն Հայ Աւետարանական Վարժարաններու Վաստակաւոր Կրթական Մշակներու

Մարտ 31, 2023
Դաշնակցական Մտաւորական Վազգէն Էթիեմեզեանի  Ծննդեան 80-Ամեակի Նշում  Եւ «Շաբթուան Մտածումը» Գիրքի Շնորհահանդէս
Գաղութային

Դաշնակցական Մտաւորական Վազգէն Էթիեմեզեանի Ծննդեան 80-Ամեակի Նշում Եւ «Շաբթուան Մտածումը» Գիրքի Շնորհահանդէս

Մարտ 30, 2023
Արտակարգ Իրավիճակներու Մարմին-ԿԱՄՔ-ին Կը Նուիրեն
Գաղութային

Արտակարգ Իրավիճակներու Մարմին-ԿԱՄՔ

Մարտ 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In