Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եղիշէ Մանուկեան Ազգային Քոլեճի Աշակերտները Կը Զօրակցին Արցախին Ու Արցախահայերուն

February 3, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

25 յունուար 2023-ը սովորական դասընթացի օր մը չէր Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աշակերտութեան համար: Առաւօտեան ժամերէն սկսեալ տարբեր մթնոլորտ մը կը տիրէր. ամէն կողմ` Հայաստանի ու Արցախի դրօշակներ, պաստառներ, լոզունգներ, ազգային-հայրենասիրական երգեր…

Մինչ կէսօրուան ժամը 11:00-ին Զ.-ԺԲ. դասարաններու աշակերտները մեկնեցան Պուրճ Համուտ, «Արին» կեդրոնի դիմաց տեղի ունեցող հաւաքին իրենց զօրակցութիւնն ու նեցուկը յայտնելու իր հողին ամուր կառչած արցախահայութեան, մանկամսուրէն մինչեւ նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտները, իւրաքանչիւրը իր ձեւով եւ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ, իր զօրակցութիւնը ամրագրեց արցախցի իր եղբօր ու քրոջ:

Առաջին հերթին դասարաններէն ներս տեղի ունեցաւ տեսերիզներու ցուցադրութիւն: Աշակերտները քաջատեղեակ ըլլալէ ետք տիրող ծանր կացութեան եւ ըմբռնելով Արցախին սպառնացող վտանգը` քննարկումներու ընդմէջէն իրենց զարմանքը յայտնեցին, թէ ինչպէ՞ս մեծ պետութիւններ ձեռնածալ նստած, անմռունչ կը դիտեն բոլոր պատահարները: Ապա ցած դասարաններու աշակերտներ ձեռային աշխատանքներով եւ Արցախի դրօշակը, զինանշանը, քարտէսը եւ «Մամիկն ու Պապիկը» ներկելով,  խոստացան ամէն գնով ձայն բարձրացնել` չհրաժարելու Արցախէն եւ չյանձնուելու թշնամիին: Իսկ Ե. դասարանի աշակերտները, գիտակցելով, որ հայ պատանին տէրն ու ժառանգորդն է իր հողին եւ իր ազգային արժէքներուն, զօրակցական նամակներով փորձեցին քաջալերել արցախցի իրենց քոյրերն ու եղբայրները. հաւատալով անոնց անկոտրում կամքին` անոնցմէ խնդրեցին դիմանալ, բայց մեր սուրբ հողը չյանձնել թշնամիին, որպէսզի անիկա Արեւմտահայաստանի ճակատագիրին չարժանանայ:

Ապա դպրոցի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ զօրակցական կոկիկ յայտագիր մը: Բացման խօսքով հանդէս եկան Ե. դասարանէն քանի մը աշակերտներ, որոնք իրենց խօսքին մէջ ըսին. «Արցախահայը ամէն վայրկեան իր պապենական տունէն հեռանալու վախը կ՛ապրի, ամէն վայրկեան ցեղասպանութիւն ապրելու վախը կ՛ապրի: Պէտք չէ թոյլ տալ, որ Արցախը հայաթափի. զօրակցինք Արցախին, հասնինք Արցախին, բարձրացնենք մեր ձայնը եւ մարդկային իրաւունքները պաշտպանող պետութիւններէն պահանջենք, որ ըլլան արդար, որովհետեւ Արցախը մե՛րն է եւ հայն է անոր միակ տէրը, ՓՐԿԵ՛ՆՔ ԱՐՑԱԽը»: Յետոյ խումբ մը աշակերտներ երգեցին «Ժառանգներն ենք Արցախի» երգը, իսկ Ե. դասարանէն աշակերտներ ասմունքեցին Գուրգէն Գաբրիէլեանի «Արցախական» բանաստեղծութիւնը:

Աւարտին բոլորը ուխտեցին, որ ձեռք ձեռքի տալով Արցախը պիտի պահեն ամբողջական Հայաստանի անքակտելի դրախտային մասնիկը, որովհետեւ Արցախը կը պատկանի միայն հայ ժողովուրդին:

Նախորդը

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Յաջորդը

Համահայկական Զօրաշարժը Պիտի Արդիւնաւորուի

RelatedPosts

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հայրապետական  Պատարագով Նշուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի  Ծննդեան Ու Աստուածայայտնութեան Տօնը
Գաղութային

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հայրապետական Պատարագով Նշուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան Ու Աստուածայայտնութեան Տօնը

January 9, 2026
Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան  Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ Եւ Շնորհաւորական  Ընդունելութիւններ
Գաղութային

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ Եւ Շնորհաւորական Ընդունելութիւններ

January 9, 2026
Յիշատակի Ձեռնարկ Եւ Յուշաքարի Քողազերծում` Նուիրուած ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէութեան Նահատակներուն
Գաղութային

Յիշատակի Ձեռնարկ Եւ Յուշաքարի Քողազերծում` Նուիրուած ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէութեան Նահատակներուն

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.