Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայ Ազգային Երգը» Նիւթով Դասախօսութիւն ԼՕԽ-ի Կեդրոնին Մէջ

January 28, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Դաստիարակչական յանձնախումբին, երկուշաբթի, 16 յունուար 2023-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնին մէջ, խումբ մը մշակութասէր ԼՕԽ-ականներ եւ հիւրեր ներկայ գտնուեցան յանձնախումբիս ընթացիկ տարուան երրորդ դասախօսութեան: Օրուան պատգամախօսն էր Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, իսկ նիւթն էր «Հայ ազգային երգը»:

Անի Պաղտիկեան բարի գալուստի խօսքէն ետք ներկայացուց գաղութիս ժրաջան եւ մշակութասէր Զաքար Քէշիշեանի կենսագրականը: «Մեծ է ներդրումը Զաքար Քէշիշեանին, հայ երգի եւ երաժշտական բնագաւառին մէջ` ո՛չ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ Արցախի եւ Շուշի քաղաքի, ուր հիմնադրած եւ եղած է գեղարուեստական ղեկավարը «Վարանդա» մանկապատանեկան եւ երիտասարդական երգչախումբերուն: Չմոռնանք յիշելու, թէ մինչեւ օրս, շուշեցիները անհամբեր կը սպասեն իրենց «բարի հսկայի» այցելութիւններուն»:

Իր արժանիքներուն համար բազմիցս պարգեւատրուած դասախօսը ներկայացուց «Հայ ազգային երգը»` նախնական շրջաններէն մինչեւ ներկայ ժամանակներ:

Հայ երգին զարգացման հոլովոյթին մասին խօսելով` Զ. Քէշիշեան ըսաւ, որ Վանի եւ Երեբունիի պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած են բարձր մակարդակի նկարչական եւ երաժշտական գործիքներու որմնանկարներ, որոնք փաստեր են, թէ հեթանոսական շրջանին մենք ունեցած ենք բարձրորակ երաժշտութիւն:

Քրիստոնէական շրջանին ալ մնացած ենք մեր նուաճած բարձունքներուն վրայ: Այդ դարերուն, հոգեմտաւոր կառոյցի կողքին զարգացուցած ենք նաեւ մարդկային եւ աշխարհիկ երաժշտութիւնը, յայտնեց ան:

Բանախօսը յայտնեց, որ կարեւոր երաժշտութիւն մշակած կամ ստեղծած են նաեւ մեր հերոսներու եւ նահատակներու վրայ լացող ու հխուր մթնոլորտ ստեղծող մեր եղերամայրերը: Հետաքրքրական շրջան եղած է նաեւ խազագրութեամբ մագաղաթներու վրայ արձանագրուած երաժշտութիւնը, սակայն դժբախտաբար խազերու բանալիները հասած չեն մեզի:

Ան ըսաւ, որ հայ երգի եւ երաժշտութեան աննախընթաց վարպետ Կոմիտասի անձնական ջանքերով մեզի հասած են նախնական եւ հին ժամանակներու բանահիւսութիւնը, հոգեւոր երգերն ու «աշխարհիկ»-ները: Ըստ Կոմիտաս վարդապետին հոգեւոր եւ աշխարհիկ երգերը եղած են քոյր ու եղբայր:

Չորրորդ դարուն ունեցած ենք լայնածաւալ երաժշտութիւն: Ճիշդ է, որ Մեսրոպ Մաշտոց եւ Սահակ Պարթեւ եղած են մեր առաջին շարականագիրները, սակայն 10-րդ դարուն հսկայ աշխատանք ծաւալած է Գրիգոր Նարեկացին, իսկ 12-րդ դարուն Ներսէս Շնորհալի հայրապետ գեղեցիկ եւ ժողովրդականացուած մակարդակի հասցուցած է Արեւագալի եւ Հսկումի երգերը: Շարական, կցորդ եւ տաղերու շրջանը հետզհետէ աւելի զարդոլորուն դարձած են յառաջիկայ դարերուն:

Զաքար Քէշիշեան դիտել տուաւ, որ 14-րդ դարէն սկսեալ աղանդաւորները կասեցուցած են մեր նոր շարականներու ստեղծումը, եւ եկեղեցին բաւականացած է իր արժէքներով:

Կարճ դադար մը առնելով, Համազգայինի Բ. Կանաչեան երաժշտանոցի անձնակազմէն Գէորգ Քէշիշեան (տուտուկահար), իսկ Նարեկ Քէշիշեան (տհոլահար) ներկայացուցին արցախեան պարեղանակ մը: Ներկաներու կողմէ ծափողջոյններով ընկալուած այս հրաշալի եւ գեղեցիկ մատուցումէն ետք, դասախօսը անցաւ ժողովրդային երգերու բնագաւառ, ակնարկելով մեր հորովելներու եւ եզան հետ գիւղացիի խօսքերու գեղեցկութեան:

Ան յիշեց օրօրոցային երգերը, հարսանեկան եւ պանդուխտի մեր արժէքներու գլուխ գործոցները: Ապա, երկրորդ դադար մը առնելով ներկաները վայելեցին Կարէն Գազանճեանի (թենոր) կատարողութեամբ «Ալագեազ» եւ «Խնկի ծառ» երգերը, Կոմիտասի մշակումով եւ զոյգ ընկերակցութեամբ Գէորգ եւ Նարեկ Քէշիշեաններու:

Զ. Քէշիշեան ապա վեր առաւ խորհրդային ժամանակներու երաժշտական դպրոցներու, օփերաներու եւ նուագախումբերու հսկայական յառաջդիմութեան իրականութիւնը: Օփերան, որ բազմաթիւ արուեստներու համախմբումն է, շարունակեց դասախօսը, կ՛ընդգրկէ երգ, երաժշտութիւն, պար, դերասանութիւն, տարազ, բեմայարդարում, նուագախումբ եւ խմբավար, այսինքն` արհեստներու եւ արուեստներու ընդհանրութիւն մը: Մենք օփերա ունենալով, քաղաքակրթական մակարդակի բարձրագոյնին հասած ենք. նուաճած ենք: Ունինք Հայաստանի մէջ Արամ Խաչատուրեանի նման ինքնուրոյն երաժշտութիւն ունեցող հանճարներ: Ունինք Էդկար Յովհաննէսեանը, Չուխաճեանը եւ ուրիշներ: Ունինք Բարսեղ Կանաչեանը:

Վերջին բաժինով Զաքար Քէշիշեան վեր առաւ մեր աշուղներու երաժշտութիւնը, մշակումները եւ կատարումները: Յիշեց աշուղ Ջիւանին, Աշոտը, Շահէնը, Նաղաշ Յովնաթանն ու Պաղտասար դպիրը:

Եզրակացնելով, որ մենք ունինք ինքնուրոյն երաժշտութիւն, Զ. Քէշիշեան քաջալերեց ներկաները, որ տէր կանգնին այդ գեղեցիկ մշակոյթին: Ապա, արցախեան պարեղանակի մը ունկնդրութեամբ ձեռնարկը հասաւ իր աւարտին: Աննախընթաց ոգեւորութիւն կը տիրէր «Թնճուկեան» սրահին մէջ:

Բարձր տրամադրութեամբ ներկաները շնորհակալական խօսքերով համախմբուեցան Զաքար Քէշիշեանի շուրջ:

Շնորհակալութիւն բոլորին:

 

 

Նախորդը

Թուրքիա-Սուրիա Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ներկայ Փորձը

Յաջորդը

Արցախի Զօրակցական Հաւաք Այնճարի Մէջ` Ընդդէմ Ազրպէյճանի Կողմէ Ծաւալուած Հայաթափման Արշաւին

RelatedPosts

«Սնունդի Հասանելիութիւն Եւ Խաղաղ Համակեցութիւն» Խորագիրով Ծրագիրի Աւարտին Նուիրուած Ձեռնարկ «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Մէջ
Գաղութային

«Սնունդի Հասանելիութիւն Եւ Խաղաղ Համակեցութիւն» Խորագիրով Ծրագիրի Աւարտին Նուիրուած Ձեռնարկ «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Մէջ

October 21, 2026
ԱՖՀԻԼ-ի Եւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» Կոմիտէի Համագործակցութեամբ Ապահովագրութեան Քարտեր Յանձնուեցան Այնճարի Եւ Պէյրութի Մէջ Բնակող Այնճարցիներուն
Գաղութային

ԱՖՀԻԼ-ի Եւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» Կոմիտէի Համագործակցութեամբ Ապահովագրութեան Քարտեր Յանձնուեցան Այնճարի Եւ Պէյրութի Մէջ Բնակող Այնճարցիներուն

October 21, 2026
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան  Ձեռագրական Հաւաքածոներու Վերականգնման  Աշխատանքներու Մեկնարկում
Գաղութային

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ձեռագրական Հաւաքածոներու Վերականգնման Աշխատանքներու Մեկնարկում

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.