Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայրերու Տօն` ՔԱՀԼ-ի Հայ Տարեցներու Տան Տիկնանց Յանձնախումբին Կազմակերպութեամբ

Մայիս 22, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

4 մայիս 2023-ին ՔԱՀԼ-ի Հայ տարեցներու տան տիկնանց յանձնախումբը հանդիսաւոր կերպով նշեց Մայրերու տօնը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» համալիրի «Պապիկեան» սրահին մէջ:

Օրուան հանդիսավար, յանձնախումբին ատենադպիր Շաքէ Գարայեան բացման խօսքին մէջ ողջունեց ներկաները` շնորհաւորելով բոլոր մայրերու գարնանային վարդաբոյր տօնը: Ան վեր առաւ հայ մօր դերը ընտանիքին ու ազգային կեանքին մէջ, արժեւորեց զայն` որպէս ամուր սիւնը, ապահովութիւնը, դաստիարակը ընտանիքին ու պահապան հրեշտակը, խոնարհումը յայտնեց ազգապահպանման ճամբու վրայ զոհուած ու առիւծածին որդեկորոյս մայրերուն առջեւ:

Ապա խօսք առաւ յանձնախումբի ատենապետ Սօսի Մէնտիլեան. ան  շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, որ իրենց ներկայութեամբ ժպիտ բերին մամիկներուն ու պապիկներուն դէմքին, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բարերարներուն, որոնք միշտ իրենց բարի գործով օգտակար կը դառնան հաստատութեան ծով կարիքներուն:

ՔԱՀԼ-ի տնօրէն պատ. Սեպուհ Թերզեան  իր կարգին  բարի գալուստ  մաղթեց  ներկաներուն, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ՔԱՀԼ-ի տիկնանց օժանդակ յանձնախումբի անդամներուն, որոնք ժրաջանօրէն կ՛աշխատին ի նպաստ տարեցներուն եւ փաստը` մայրերու օրուան այդ ձեռնարկն է:       Ապա շնորհակալական խօսքերու ընդմէջէն տեղեկութիւններ տուաւ հաստատութեան  վերջին երեք տարիներու դժուար պայմաններու մասին եւ  շնորհակալութիւն յայտնեց օրհնութիւններու  համար.

Շնորհակալութիւն յայտնեց հաստատութեան  ամբողջ անձնակազմին, յատկապէս` գրասենեակի, բժշկական, հոգատար, եւ  խոհանոցի բաժիններուն: Ան նշեց, որ ամբողջ կազմը հաւատարմօրէն  եւ քաջաբար ծառայեց մանաւանդ «Քորոնա» ժահրի  ժամանակ:  Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական եւ դժուար պայմաններու մէջ պատուելին  մատնանշեց,  որ պաշտօնէութեան տարած աշխատանքը գրեթէ կամաւոր  ծառայութեան վերածուած է ամսական  գնահատումի դիտանկիւնէն, աւելցնելով, որ ոմանք նախընտրեցին «ֆրեշ» տոլարի  համար գործը ձգել, իսկ շատեր մնացին հոգատար եւ հաւատարիմ իրենց առաքելութեան:

Շնորհակալութեան երկրորդ խօսքը ուղղեց բոլոր նուիրատուներուն անխտիր, սակայն յատուկ  կերպով յիշեց Երջօ Սամուէլեանը, որ հերթականօրէն օժանդակութիւն ուղարկեց եւ հասաւ ՔԱՀԼ-ի տարեցներու կարիքներուն, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու  միութեան Կեդրոնական մարմինին, որ յաճախակի նուիրատուութեամբ կը հոգայ տարեցներուն  կարիքները եւ կ՛օժանդակէ պաշտօնէութեան   ամսականներու հարցով, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, յատկապէս` վառելանիւթի տագնապի  շրջանին անոր կատարած դասաւորումին համար, որպէսզի տարեցները մութին մէջ չմնան, եւ հաստատութեան ելեկտրածին շարժակը չմարի, Հայ աւետարանական ընկերային ծառայութեան յանձնախումբին, որ հոգաց եւ տակաւին կը հոգայ անտէր տարեցներուն եւ կը հասնի անձնակազմին բժշկական զանազան կարիքներուն:

Խօսելով կառոյցի առօրեային մասին` պատ. Սեպուհ Թերզեան դիտել տուաւ, որ վերջին մէկուկէս  տարին   վառելանիւթը եղաւ հաստատութեան հիմնական «արիւնահոսութեան» պատճառը, մանրամասնելով, որ 2022 թուականին 128.000 տոլար յատկացուեցաւ վառելանիւթին, ուստի տնօրէնութիւնն ու  խնամակալութիւնը որոշեցին արեգակնային ուժանիւթի  կազմածին  համար հանգանակութեան ձեռնարկել: 147.940  տոլար  արժող այս ծրագիրին հունտը դրաւ  Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներուն Կեդրոնական մարմինը (Ամերիկայի Հայ աւետարանչական  ընկերակցութեան ներդրումով)` ստանձնելով մեծագոյն բաժինը: Պատուելին շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Կիլիկիոյ Հայ առաքելական կաթողիկոսութեան,  որ կոկիկ գումարով  մը նաեւ մասնակից դարձաւ: Սոյն ծրագիրին մասնակցեցան Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ բարեկամ եւրոպական հաստատութիւններ, ինչպէս նաեւ` ՔԱՀԼ-ի բարեկամներ եւ կարգ մը եկեղեցիներ: Ան տեղեկացուց, որ վերոյիշեալ ծրագիրին մեծ բաժինը  արդէն ապահովուած  է, սակայն տակաւին կայ մօտ  52.000 տոլարի պարտքի  բաժին մը, որուն համար կը շարունակուին հանգանակութիւնները:

«Հայորդիներու (երիտասարդ կամ ընտանիք) վերջին շրջանին Լիբանանէն գաղթը մեծապէս պատճառ պիտի դառնայ մօտ ապագային անտէր տարեցներու թիւի աճման: Անոնցմէ մաս մը ՔԱՀԼ-ի Հայ տարեցներուն տան խնամքին կարօտ պիտի ըլլայ: Հաստատութիւնը, ներկայ պայմաններով, առանձին չի կրնար  հսկայական այս  պատասխանատուութիւնը եւ պարտականութիւնը  կատարել, որպէսզի այս  անտէր տարեցները պատսպարուին: Յոյսով ենք, որ միասնաբար կարելին կ՛ընենք  հասնելու բոլորին», ըսաւ ան:

Հուսկ, պատ. Թերզեան եզրափակեց. «Մեծագոյն շնորհակալութեան խօսքը կ՛ուղղեմ մեր Հօր  Աստուծոյն, որուն շնորհն ու  սէրը  վայելեցինք յատկապէս տագնապի օրերուն եւ տակաւին կը վայելենք: Որպէս տնօրէնութիւն եւ անձնակազմ, այդ յոյսով ծառայեցինք եւ տակաւին կը շարունակենք մեր ծառայութիւնը` գիտակցելով, որ ամբողջ փառքը Աստուծոյ է, ծառայութիւնը տկարին, իսկ  պատիւը` ազգին»:

Գեղարուեստական բաժինին Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցէն սրինգով իր մասնակցութիւնը բերաւ Նանօր Յովսէփեան, իսկ ասմունքով` Մարօ Սարգիսեան: Բարձր գնահատուեցան ՔԱՀԼ-ի «Ծիրանի» խոհանոցին պատրաստած համադամ ճաշերը:

 

Նախորդը

Աղեղնաբառ – 111

Յաջորդը

Կոստան Զարեանի Առանձնութեան Մէջ

RelatedPosts

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին.  «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան  Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար  Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութային

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին. «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Օգոստոս 18, 2025
Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է  Աննախատեսելի Հրդեհով
Գաղութային

Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է Աննախատեսելի Հրդեհով

Օգոստոս 15, 2025
Թուային Մետիայի Գրագիտութեան Ծրագիրի Վկայագիրներու Յանձման Հանդիսութիւն
Գաղութային

Թուային Մետիայի Գրագիտութեան Ծրագիրի Վկայագիրներու Յանձման Հանդիսութիւն

Օգոստոս 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?