Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութեան Նուիրուած Մաղթանք Եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն` Լիբանանի Հայոց Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ

Մայիս 31, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան 105-ամեակին առիթով, կիրակի, 28 մայիսին, յընթացս ս. պատարագի, Լիբանանի հայոց թեմի եկեղեցիներէն ներս տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նուիրուած մաղթանք եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն:

Առ այդ, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ արարողութեան նախագահեց եւ եռագոյն դռօշի օրհնութիւնը կատարեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:

Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը անդրադառնալով Հոգեգալստեան տօնին` դիտել տուաւ, որ այդ տօնին առիթով քրիստոնէական եկեղեցին բարձրաղաղակ կը հռչակէ, որ մենք նաեւ կը հաւատանք, թէ Սուրբ Հոգին ճշմարիտ Աստուած է, աւելցնելով, որ առօրեայ պայքարներուն մէջ հաւանաբար առիթ չենք ունենար խորհելու երրորդութեան մասին եւ առ հասարակ մեր աղօթքները միայն կ՛ուղղենք Աստուծոյ կամ Քրիստոսի` մոռնալով, որ կայ նաեւ երրորդ դէմք մը աստուածութեան, որ Ս. Հոգին է, մղիչ այն զօրութիւնը, որ աշխարհէն ներս կը պահէ եւ կը շարժէ Քրիստոսի հաստատած եկեղեցին:

Սրբազան հայրը պատմական ակնարկ մը նետեց Քրիստոսի հաւատաւոր հետեւորդներուն դիմաց Ս. Հոգիի երեւման դէպքին մասին` հաստատելով, որ Քրիստոսի աշակերտները Ս. Հոգիի զօրութեամբ կերպարանափոխուեցան եւ Աւետարանի քարոզչութեան աշխատանքը աշխարհին տանելով` հաստատեցին ամէնուրեք Քրիստոսի եկեղեցին` իբրեւ Քրիստոսի կենդանի մարմինը` որպէսզի Իրմով սկիզբ առած փրկագործական աշխատանքը աշխարհէն ներս շարունակուի:

«Ս. Հոգին է, որ դարեր շարունակ պահեց եւ պահպանեց Քրիստոսի եկեղեցին: Ս. Հոգիով կերպարանափոխուած ու զօրացած բոլոր սուրբերն ու մարտիրոսները իրենց կեանքը ընծայաբերեցին, որպէսզի աստուածային ճշմարտութիւնները երկրաւոր պայմաններուն մէջ արմատաւորուին եւ կեանքի վերածուին: Ս. Հոգին էր, որ հեթանոս աշխարհի պայմաններուն մէջ յեղաշրջեց մարդոց ըմբռնողութիւնը, որպէսզի աստուածային յոյսով առաջնորդուի մարդը աշխարհէն ներս, բայց դարեր ետք տակաւին Ս. Հոգին կը մնայ մեծագոյն անծանօթը բոլորին համար», հաստատեց սրբազան հայրը` բացատրելով, որ մեր եկեղեցւոյ քարոզներու ճամբով լսած ենք Ս. Հոգիի մասին, բայց չենք հասկցած, մեր վերաբերումը չենք փոխած եւ կը շարունակենք հետեւիլ աշխարհի ընթացքին` մոռնալով, որ Ս. Հոգիի զօրութեամբ միայն կրնանք կերպարանափոխուիլ ու դառնալ նոր մարդ արարած: Եկեղեցին Յարութեան տօնէն 50 օրեր ետք կը նշէ Ս. Հոգիի հոգեգալստեան հրաշալի դէպքը եւ զայն կը յիշատակէ ոչ որպէս պատմական առիթ, այլ որպէսզի մենք ալ սթափինք եւ անդրադառնանք, որ զԱստուած մեզի հետ ունինք  եւ պէտք է ձգտինք Զինք զետեղել մեր սրտերուն ու մեր հոգիներուն մէջ, որպէսզի Ինք բարեկարգէ մեզ եւ տանի դէպի աստուածային Իր փառքին ու շնորհքներուն:

«Այսօր մեր եկեղեցին նաեւ մեզ կը հրաւիրէ վեր նայելու բոլոր այն դէմքերուն, որոնք 1918 թուականին եւ այնուհետեւ Հայաստանի անկախութեան ու ազատութեան բագինին վրայ իրենց կեանքը զոհաբերեցին: Այսօր մեր եկեղեցին մեզ կը հրաւիրէ յիշելու, որ տագնապներով եւ տեսակաւոր դժուարութիւններով լեցուն այս պատմութեան էջերուն մէջ կայ լուսաւոր էջ մը` մայիս 28-ով ապահովուած ազատութեան եւ անկախութեան հրաշալի ու եզակի իրողութիւնը»,  շարունակեց սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ մեր առօրեայի ընթացքին հաւանաբար շատ չենք մտածեր մեր ազգի ազատութեան եւ անկախութեան մասին, այլ սակայն` տարին օր մը, եւ մայիս 28-ի նուիրական առիթով պարտաւոր ենք Հայաստանի մէջ կամ սփիւռքի տարածքին քով-քովի գալով` մեր հայեացքը վեր բարձրացնել եւ խունկ ու աղօթք ընծայել անոնց յիշատակին, որոնք հերոսական մարտնչումով, արեան հեղումով մեր ազգին պարգեւեցին ազատութիւն ու անկախութիւն` 600 տարիներու ստրկական պայմաններէն ետք:

«Այսօր խօսքով օծեցինք մեր ազգի ազատութեան եւ անկախութեան եռագոյն դրօշակը` աղօթելով, որ Աստուած ամրացնէ Հայաստանի ազատութիւնն ու անկախութիւնը, նաեւ` աղօթելով, որ մեր ազգի զաւակները անեղծ պահեն պատմութեան աւանդը, որպէսզի բազում տագնապներով ձեռք բերուած ազատութիւնն ու անկախութիւնը յարատեւեն եւ մեր ժողովուրդի կեանքը ուղղեն դէպի վերելք», շեշտեց առաջնորդը` նկատել տալով, որ այս տարի դժուար պայմաններու մէջ, նաեւ լուրջ մտահոգութիւններու եւ դժուարութիւններու մէջ կը նշենք Հայաստանի անկախութեան տարեդարձը: Ան ըսաւ, որ բազմաչարչար Արցախը քաղաքական անարգ դէպքերու պատճառով զոհուելու դատապարտուած կը թուի ըլլալ եւ կը շարունակէ իր պատեանին մէջ կծկուած վիճակով պայքարիլ ու յարատեւել եւ, վստահաբար, նաեւ կրնայ վեր բարձրանալ ու յարատեւել, եթէ պարզապէս ի սփիւռս աշխարհի հայութիւնը հեռուէն դիտելու փոխարէն` նաեւ բռունցք դառնայ, իր ազգային շահերուն պաշտպանութեան համար ընծայէ եւ ընծայաբերէ, որպէսզի այդպիսով մեր ժողովուրդին կեանքը ուղղուի դէպի վերելք:

Եզրափակելով իր քարոզը` սրբազան հայրը աղօթեց, որ Աստուած յարատեւութիւն եւ պայծառութիւն պարգեւէ մեր հայրենիքին, նաեւ աղօթեց, որ հին հերոսներուն հետ նոր հերոսներ ծնին մեր ժողովուրդին գիրկէն, որպէսզի ազատութեան եւ անկախութեան երազը փայփայելով` զայն մեծցնենք եւ մեր ժողովուրդը տանինք իր իտէալներուն ու դարաւոր երազներուն:

Նախորդը

Մհեր Ջուլհաճեանի Անուան Աշակերտական Շարադրական Մրցանքը Իր Շուրջ Համախմբեց 76 Աշակերտներ

Յաջորդը

Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին Վախճանման 850-Ամեակին Ձօնուած Սրբազան Համերգ` Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» Երգչախումբին Կատարողութեամբ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի.   Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն
Գաղութային

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի. Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?