Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԵՄ-ի Կազմակերպութեամբ` Միջդպրոցական Զարգացման Մրցում

Մայիս 23, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին, շաբաթ, 20 մայիս 2023-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի 50-ամեակին առիթով կազմակերպուած միջդպրոցական զարգացման մրցում մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին` Ազգային Միացեալ վարժարանի, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի, Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանի, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի եւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի աշակերտները:

Բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի անդամ Արման Տէր Պետրոսեան: Ան նշեց. «ՀՅԴ ԼԵՄ-ը` իբրեւ գաղութի հիմնական դաստիարակչական միաւոր, միշտ նեցուկ կը հանդիսանայ հայկական մեր վարժարաններուն եւ աշակերտութեան»: Իր խօսքը շարունակելով` ան ըսաւ. «Դժբախտաբար մեր հայրենիքը ներկայիս վտանգուած է: Արցախի հիմնահարցը տակաւին լուծուած չէ: Մենք` իբրեւ երիտասարդներ, չենք կրնար յանձնուիլ եւ ընկրկիլ, չենք կրնար ստրկամէտ եւ պարտուողական հոգեբանութիւն որդեգրել եւ երբեք չենք կրնար զիջումներ կատարել»:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի 50-ամեայ գործունէութեան անդրադառնալով` Արման Տէր Պետրոսեան հաստատեց. «Յատկանշական է, որ ՀՅԴ ԼԵՄ-ը այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 50-ամեակը: Այս առիթով, բնականաբար, կը յիշենք տասնամեակներ շարունակ գաղութի ապահովութեան եւ բարօրութեան համար այս միութեան տուած նահատակները եւ կատարած զոհողութիւնները: Քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ ՀՅԴ ԼԵՄ-ը պաշտպանեց եկեղեցիները, դպրոցները եւ ժողովուրդը: Երբ պատերազմը աւարտեցաւ, միութիւնը վերադարձաւ դաստիարակչական իր աշխատանքներուն, որպէսզի դպրոցներուն հետ միասնաբար կերտէ ապագայի առաջնորդը եւ ղեկավարը դառնալու անհրաժեշտ արժանիքները եւ յատկութիւնները ունեցող երիտասարդներ»:

Մեր գաղութային եւ ազգային կեանքին մէջ երիտասարդութեան դերակատարութեան մասին խօսելով` ԼԵՄ-ականը ըսաւ, որ այսօր իւրաքանչիւրս մեր ժողովուրդի ապագային համար ներդրում կրնանք եւ պէտք է ունենանք, իւրաքանչիւրս իր յատկութիւններով կրնայ նպաստել մեր ազգի զարգացման, գոյատեւման եւ հզօրացման: ՀՅԴ ԼԵՄ-ի անդամը իր խօսքը աշակերտներուն ուղղելով` հաստատեց. «Քաջ գիտակցեցէ՛ք, որ ՀՅԴ ԼԵՄ-ը, անցեալին նման, նաեւ ներկայիս եւ վստահաբար ապագային, միշտ ձեր կողքին պիտի մնայ: Յաջողութիւն բոլորիդ»:

Ապա ընթացք առաւ զարգացման մրցումը, որ բաժնուած էր Հայոց պատմութեան, Արցախի հիմնահարցին, մեր պատմութեան փառաւոր էջերուն վրայ դրոշմ ձգած դէմքերուն եւ ընդհանուր գիտելիքներու անդրադարձող չորս տարբեր փուլերու: Աշակետները խանդավառ եւ աշխուժ մթնոլորտի մէջ փորձեցին պատասխանել բոլոր հարցումներուն եւ միաժամանակ նոր գիտելիքներ իւրացնել ու իրարմէ սորվիլ:

Աւարտին մրցանակափաշխութիւնը կատարեց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Գէորգ Եագուպեանը: Ան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց աշակերտներուն, ուսուցիչներուն եւ վարժարաններուն, որ կը շարունակեն հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու եւ տիպար հայ մարդը կերտելու իրենց առաքելութիւնը:

Գ. Եագուպեան հաստատեց, որ ՀՅԴ ԼԵՄ-ը քաջ կը գիտակցի տնտեսական ահաւոր տագնապէն վարժարաններուն, ծնողներուն եւ աշակերտութեան համար յառաջացած դժուարութիւններուն, սակայն միաժամանակ նշեց, որ դժուարութիւնները արգելք պէտք չէ հանդիսանան` մեր պատմութիւնը լաւապէս ճանչնալու, անցեալի փորձութիւններէն դասեր գաղելու եւ ապագային նոր յաղթանակներ կերտելու: Իր խօսքին աւարտին, Գէորգ Եագուպեան յայտարարեց, որ առաջին երեք դիրքերը գրաւող վարժարանները ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ պիտի ստանան իւրաքանչիւր վարժարանի սաներու ֆոնտին յատկացուելիք համեստ նուիրատուութիւններ:

Այսպէս, առաջին հանդիսացաւ Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանը` 200 ամ. նուէր ստանալով նուիրատուութեամբ, երկրորդ` Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանը` 150 ամ. տոլար, իսկ երրորդ` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանը` 100 ամ. տոլար:

Պատուոյ յիշատակութեան մրցանակի արժանացան Ազգային Միացեալ վարժարանը, Հայ աւետրանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանը, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանը եւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանը:

Նախորդը

Լեհահայ «Գաւազանակիր Միանձնուհիներ»

Յաջորդը

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի Հարիւրամեայ Յոբելեանը` Նոր Հարիւրամեակի Տեսլականով

RelatedPosts

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին.  «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան  Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար  Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութային

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին. «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Օգոստոս 18, 2025
Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է  Աննախատեսելի Հրդեհով
Գաղութային

Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է Աննախատեսելի Հրդեհով

Օգոստոս 15, 2025
Թուային Մետիայի Գրագիտութեան Ծրագիրի Վկայագիրներու Յանձման Հանդիսութիւն
Գաղութային

Թուային Մետիայի Գրագիտութեան Ծրագիրի Վկայագիրներու Յանձման Հանդիսութիւն

Օգոստոս 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?